image

Հաթայի Մէջ Սուրիացի Թիւրքմէններ Ֆութպոլի Ակումբ Հիմնած Են

Հաթայի Մէջ  Սուրիացի Թիւրքմէններ Ֆութպոլի  Ակումբ Հիմնած  Են

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Լրատուամիջոցը  կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ հարաւային Եայլատաճի շրջանի Հաթայ նահանգին մէջ նոր բացուած ֆութպոլի ակադեմիան,   որ հիմնադրուած է  սուրիացի թուրքմէններու կողմէ,  մտադիր է խաղացողներու նոր սերունդ մը պատրաստել`«Նոր Սուրիոյ  մը համար»: Ակադեմիան կը մարզէ մօտ 80 երիտասարդներ,  որոնց  տարիքները 9-էն 16-ի միջեւ  են, ծրագրելով պատրաստել մասնագիտական խումբ մը: Սուրիական-թրքական կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար եւ ֆութպոլի ակադեմիայի համակարգող Ահմէտ Վէզիր  թերթին խօսելով ըսած է, թէ  իր երկրի քաղաքացիական պատերազմը միլիոնաւոր մարդոց վնաս հասցուցած է: «Սուրիոյ պատերազմը այս դարուն ամենամեծ պատերազմն է, շատ մը ուսուցիչներ, բժիշկներ, արուեստագէտներ, արհեստաւորներ, մասնագիտութիւն ունեցող մարդիկ մահացան կամ գաղթեցին: Երբ աւարտի պատերազմը Սուրիոյ մէջ, մենք պիտի սկսինք մեր կեանքը ուժեղ ձեւով, մենք պէտք է վերադառնանք մեր երկիրը որակաւորուած բոլոր առումներով»,- ըսած է  Վեզիր: «Մարզիչներ եւ երիտասարդ մասնագէտ ֆոթպոլիստները կը մարզեն մեր փոքրիկներն ու պատանիները: Մենք մեր խումբը պիտի ստեղծենք 80  մարզիկներու  մէջէն ընտրելով ամենատաղանդաւորները»: Սուրիոյ պատերազմը 2011 թուականէն սկսեալ խլած է աւելի քան 250.000 կեանքեր եւ երկիրը վերածած աշխարհի մեծագոյն գաղթականներու աղբիւր, ուրկէ   հազարաւոր  քաղաքացիներ  իբրեւ  գաղթական   կը հեռանան: