image

Վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր պիտի ընդունուի Վ. Փութինի կողմէ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի   այսօր պիտի  ընդունուի  Վ. Փութինի  կողմէ

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր Մոսկուայի մէջ պիտի ընդունուի Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատմիր Փութինի կողմէ:

Երկու օր առաջ պատուիրակութեամբ մը Մոսկուա ժամանած վարչապետը երէկ տեսակցութիւն ունեցած էր Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սէրկէյ Լաւրովին հետ եւ կողմերը քննարկած էին Լիբանանի ընդհանուր վիճակն ու կողմերը յուզող բազմաբնոյթ հարցեր:

Յիշեցնենք, որ Հարիրիի այս այցը կը կատարուի Լիբանան- Սուրիա սահմանային գօտին Տահէշի զինեալներէն ազատագրելէն անմիջապէս ետք: