image

Նախագահ Ռոհանիի Համակիր Երեք Լրագրողներ Ձերբակալուած Են Իրանի Մէջ

Նախագահ Ռոհանիի Համակիր Երեք Լրագրողներ  Ձերբակալուած  Են  Իրանի Մէջ

Իրան-(«Ալ Հայաթ»-Լոնտոն) Ըստ «Ալ Հայաթ»ին, բարեկարգիչներու համակիր երեք լրագրողներ  ձերբակալուած են Իրանի մէջ:  Իր կողմէն Իրանեան հեռատեսիլը հաղորդած է, թէ    ձերբակալման  վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի ապահովէ յառաջիկային: «Իյլնա» բարեկարգիչներու համակիր գործակալութիւնը յիշեց թէ, ձերբակալուած լրագրողներէն է Իսա Սահրխէյզ, որ 2010 թուականի Սեպտեմբերին դատապարտուած էր երեք տարուան  բանտարկութեան, իշխանութիւններուն դէմ քարոզչութիւն ծաւալելուն համար եւ հանրապետութեան առաջնորդ՝ Այաթոլլա  Ալի Խամինիյին վիրաւորելուն  համար:Սահրխէյզ, որ մշակոյթի նախարարութեան տեղեկատուական տնօրինումը կը վարէր Մուհամատ Խամինիյիի նախագահութեան շրջանին (1997-2005), վերջին ամիսներուն ընթացքին կանոնաւոր միջամտութիւններ կ'ընէր «Պի Պի Սի»ի եւ «Ամերիկայի Ձայն»ի րատիկայաններու  պարսկերէն բաժնին մէջ քննադատելով Իրանցի պատասխանատուները, յատկապէս Խամինիյին: «Իյլնա» յիշեց թէ լրագրող մը եւս ձերբակալուած է, Իհսան Մազնտարանի անունով, առանց իմացուելու ձերբակալման պատճառն ու ժամանակը, ան կը վարէր «Ֆէրհիխտիղան» բարեկարգող թերթը, որ կը պատկանի մասնակի հաստատութեան մը  եւ կապուած է «Իսլամական ազատ համալսարան»ին:Մազնտարանին ձերբակալուած է 2009 թուականին, պահպանողական նախագահ Մահմուտ Ահմէտի Նաժատիի վերընտրման առթիւ բողոքի շարժումին, ազգային անվտանգութիւնը խաթարելուն եւ օտարներուն հետ կապեր հաստատելու մեղադրանքով: Պահպանողականներու մօտիկ «Միհր» գործակալութիւնը տեղեկացուց երրորդ լրագրուհի մը՝ Աֆարին Շիտսազի ձերբակալման մասին, որ կ'աշխատէր ի նպաստ պետական «Իրան» թերթին: