image

Ամերիկացիք սպաննած են «Սպիտակ այրի»ն. Ո՞վ էր ան

Ամերիկացիք սպաննած են «Սպիտակ այրի»ն. Ո՞վ  էր ան

Ամերիկեան անօդաչու սարք մը Սուրիոյ մէջ ոչնչացուցած է 50-ամեայ ահաբեկիչ Սալի Ճոնզը, որ յայտնի է  «Սպիտակ այրի» անունով: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական The Times պարբերականը: 


Յայտնի է, որ բրիտանուհին երաժիշտ էր: Ան դաւանելով  իսլամութիւնը, սկսած  է զբաղուիլ մարդոց հաւաքագրմամբ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման համար: 

Ճոնզը սպանած են այս տարուայ յունիսին Իրաքի հետ սահմանէն ոչ հեռու՝ պաշարուած Ռաքքայէն փախուստ կատարելու փորձի ժամանակ: Կը նշուի, որ անոր  հետ միասին մահացած է նաեւ իր 12-ամեայ որդին:

Ճոնզի մահուան մասին բրիտանական յատուկ ծառայութիւններուն յայտնած են իրենց ամերիկացի գործընկերները:Մեծն Բրիտանիոյ յատուկ ծառայութիւնները հետեւած են անոր վերջին տարիներու քայլերուն:

Աւելի վաղ Սուրիոյ մէջ մահացած էր նաեւ Ճոնզի ամուսինը, որ նոյնպէս Տահէշ  ահաբեկչական խմբաւորման   անդամ էր: