image
Հրատապ լուրեր:

«Զաւակ ունենալու արտօնագիր» Եգիպտոսի մէջ

«Զաւակ ունենալու արտօնագիր» Եգիպտոսի մէջ

Եգիպտոսի մէջ «Զաւակ ունենալու արտօնագիր» ձեռք բերելու մասին նախագիծը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է երկրին մէջ, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Նախագիծը, որ առաջարկուած է Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ուսումնասիրութիւններու արդարադատութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան խօսնակ Զէյտան Ալ Քանաաի կողմէ, կը նախատեսէ իւրաքանչիւր ամուսնական զոյգի հինգ տարուան ժամկէտով արտօնագրի տրամադրում, որուն ընթացքին զոյգն իրաւունք ունի միայն մէջ զաւակ ունենալու: Նշուած հինգ տարին աւարտելէ ետք զոյգը կրնայ դիմում ներկայացնել եւ նոր արտօնագիր ստանալ:

Ալ Քանաաի նշած է, որ իր առաջարկը բնակչութեան աճի խնդիրները լուծելու նպատակ կը հետապնդէ, միաժամանակ պահանջելով կարգը խախտողները պատիժի ենթարկել՝ տուգանքներ սահմանելով, ինչպէս նաեւ ընտանիքի երրորդ զաւակը անվճար ուսման հնարաւորութենէ եւ պետական աջակցութենէ զրկել:

Ալ Քանաաիի առաջարկը մերժած են խորհրդարանի որոշ անդամներ, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ գործող բժիշկներ, նշելով, որ նման որոշում դէմ է մարդու իրաւունքներուն:

Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի մէջ բնակչութեան աճի խնդիրը երկրին սպառնացող խոշորագոյն վտանգներէն մէկը կը համարուի: