image

Թաչըր եւ Մուպարաք «աշխատած» են պաղեստինցիները Եգիպտոսի մէջ «բնակեցնելու» ուղղութեամբ

Թաչըր եւ Մուպարաք «աշխատած» են պաղեստինցիները Եգիպտոսի մէջ «բնակեցնելու» ուղղութեամբ

Բրիտանական «BBC» լրատուական ցանցը վկայակոչելով Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան իր աղբիւրը, յայտնած է, որ Մուպարաք-Թաչըր համաձայնագիրի բովանդակութիւնն ամբողջութեամբ ճիշդ է, ու չի կրնար սխալ ընկալուած կամ մեկնաբանուած ըլլայ:

Նշենք, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հուսնի Մուպարաք պաշտօնական կերպով հերքած էր 1983 թուականի փետրուարին Բրիտանիոյ վարչապետ Մարգրիտ Թաչըրի հետ համաձայնութիւն կնքած ըլլալու հանգամանքը, ըստ որուն Պաղեստինեան Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն կնքուելու պատագային Եգիպտոս  պիտի պարտաւորուէր Լիբանան ապաստանած պաղեստինցի փախստականներն իր մօտ ընդունիլ:

Այս առթիւ Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժած է որեւէ բացատրութիւն տալ, յայտնելով. «Մենք պատմական փաստաթուղթերու վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ չենք կատարեր»: