image

Ինչքանով լուրջ են Գանատայի կառավարութեան Լիբանանի վերաբերեալ ապահովական մտավախութիւնները

Ինչքանով լուրջ են Գանատայի կառավարութեան Լիբանանի վերաբերեալ ապահովական մտավախութիւնները

Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն իր քաղաքացիները զգուշացուցած է Լիբանան մեկնելէ, զերծ մնալու համար երկրին մէջ տիրող անկայուն վիճակին հետեւանքով ահաբեկչական գործողութիւններու թիրախ հանդիսանալէ: Այս մասին կը հաղորդէ Լրատուական ազգային գործակալութիւնը:

Նախարարութիւնն իր կայքէջին հրապարակած է շարք մը լիբանանեան շրջաններու անուններ, զորս այցելելէ զերծ պէտք է մնան գանատացիք:

Վտանգաւոր համարուող շրջաններն ըստ նախարարութեան հետեւեալներն են.- Հարաւային Արուարձանը, Հիւսիսային Լիբանանը, Սուրիոյ սահմանակից շրջաններն ու Ալ Պիքաա հարթավայրը, հարաւային շրջանները, ինչպէս նաեւ պաղեստինցիներու գաղթավայրերն ու անոնց շրջակայ տարածքները: