image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա. Չենք պատրաստուիր Աֆրինը Սուրիոյ կառավարութեան յանձնել

Թուրքիա. Չենք պատրաստուիր Աֆրինը Սուրիոյ կառավարութեան յանձնել

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բանբերը Իպրահիմ Քալըն երէկ ըսած է, որ իր երկիրը նպատակ չունի Աֆրինը սուրիական կառավարութեան յանձնելու, նշելով, որ կ'անկլուի որ Աֆրինը «շատ շուտ զինեալներէն վերջանականապէս պիտի  մաքրուի »: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը:

Քալըն նաեւ նշած է, որ իրենք Ամերկայի հետ ճանապարհային քարտէզ դրած են եւ «Աֆրինի մէջ ապահովութեան հաստատումէն ետք պէտք է Սուրիոյ մէջ այլ շրջաններ ուղղուիլ», ըսած է ան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ կառավաութիւնը երեքշաբթի օր հաստատած էր, որ մօտեցած է Աֆրինի ամբողջութեամբ քրտական ուժերէն «ազատելու» եւ իր վերահսկողութեան տակ առնելու պահը: