image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան Աֆրին պիտի այցելէ՞...

Էրտողան Աֆրին պիտի այցելէ՞...

Թուրքիոյ նախագահը Էրտողան կը պնդէ Աֆրին այցելել, հոնկէ քրտական Ազգի պաշտպանութեան բանակի «զինեալներուն» դուրս գալէն եւ Թուրքիոյ բանակի կողմէ ճանապարհները ականազերծուելէ եւ քաղաքը ապահով դարձնելէ անմիջապէս ետք: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ սակայն Էրտողան կ'ուզէ այդ այցելութիւնը կայացնել յառաջիկայ մօտ օրերուն:

 

Կը հաղորդուի  նաեւ, որ թրքական բանակը 20 հազար զինուորներ եւ սպաներ պիտի տեղակայէ Աֆրինի մէջ եւ 48 ժամուան ընթացքին, 20 հազար զինուրներու միջոցաւ պիտի խուզարկէ Աֆրինի մէջ իւրաքանչիւր տուն եւ անկիւն:

 

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցի միջոցով Էրտողանին խորհուրդ տուած է չայցելել Աֆրին, ըսելով, որ կարիք չկայ այդ գործողութիւնը որպէս մեծ յաղթանակ մը ներկայացնելու :