image

Դամասկոսը վերադարձուց ֆրանսայի Պատուոյ շքանշանը ... «Ասատին պատիւ չի բերեր»

Դամասկոսը վերադարձուց ֆրանսայի Պատուոյ շքանշանը ... «Ասատին պատիւ չի բերեր»

Սուրիոյ ԱԳՆ-ն Դամասկոսի մէջ գործող Ռումանիոյ դեսպանատան միջոցաւ (որ կը հովանաւորէ Ֆրանսայի շահերը Սուրիոյ մէջ) Ֆրանսային վերադարցուցած է «Մեծ Խաչի»ի աստիճանի Պտուոյ լեգէոնի շքանշանը, որ Ասատին շնորհած էր նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքը, Փարիզ այցի ժամանակ, 2001-ին:

 

Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահականի աղբիւրը յայտարարած է, որ «մետալը Ֆրանսայի վերադարձնելը եղած էր այն բանէն ետք, երբ վերջինս 14 ապրիլին մասնակցեցաւ Սուրիոյ վրայ եռեակի յարձակման, ԱՄՆ-ի եւ Բրիտանիոյ կողքին»:

 

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Շքնանշանէն հրաժարիլը կու գայ հաստատելու, որ Ասատին պատիւ չի բերեր՝ կրել շքանշան մը, որ կը պատկանի ԱՄՆ-ին ենթակայ պետութեան մը, որ կ'աջակցի Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խումբերուն եւ կը յարձակի ՄԱԿ-ի մէջ անդամ պետութեան մը վրայ, կոպտօրէն խախտելով Միջազգային օրէնսդրութեան ամենապարզ  հիմնարար օրէնքը»: