image

FBI 1 միլիոն տոլար կը խոստանայ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած ամերիկացի լրագրողի մասին տեղեկութիւններ փոխանցողին

FBI 1 միլիոն տոլար  կը խոստանայ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած ամերիկացի լրագրողի մասին տեղեկութիւններ փոխանցողին

Աննախադէպ քայլով, Ամերիկեան FBI-ը  մինչեւ մէկ միլիոն ԱՄՆ տոլար առաջարկած է՝ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած ամերիկացի լրագրողի ճակատագրի բացայայտման օգնող տեղեկութիւններու դիմաց: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը:

 

Ամերիկացի նախկին ռազմական լրագրողը, որ այդ ժամանակ՝ օգոստոս 2012-ին 31 տարեկան էր, անհետացած էր  անհասկնալի հանգամանքներու տակ, երբ Սուրիոյ մէջ պատերազմը կը լուսաբանէր եւ անհետացումէն մէկ ամիս անց տեսանիւթ մը հրապարակուած էր, ուր ան կ'երեւար կապուած աչքերով, անծանօթ զինեալներու ձեռքը:

 

Այդ օրէն ի վեր ոչ մէկ տեղեկութիւն եղած է լրագրողի ճակատագրի մասին, որ աշխատակիցն էր  երկու թերթերու՝  «The Washington Post» եւ «McClatchy», նաեւ «CBS» ալիքին եւ այլ ամերիկեան լրատուամիջիցներու: Չէ նշուած նաեւ առեւանգող կողմի պատկանելիութիւնը, կամ եթէ ան ազատ արձակման դիմաց փրկագին պահանջելու կը ձգտի:

 

FBI-ի խօսնակը հրաժարած է մեկնաբանել, թէ արդեօք նոր առաջարկը կապուած է թեմայի վերաբերեալ նոր տեղեկութիւններ ստանալու հետ: