image

Բրիտանիա խօսած է Ռուսաստանեան «սեւ դրամ»ներու մասին

Բրիտանիա խօսած է Ռուսաստանեան «սեւ դրամ»ներու մասին

Բրիտանական համայնքներու պալատի արտաքին հարցերով յանձնաժողովը Թերէզա Մէյի կառավարութենէն պահանջած է պայքարիլ ռուսական ապօրինի դրամները Լոնտոնի մէջ լուացման ենթարկելու երեւոյթին դէմ, այլապս այն կրնայ բրիտանական կազմակերպութիւններուն նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը կորսնցնել:

«Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուած է երբեք չանտեսել Լոնտոնի ճանապարհով Ռուսիոյ նախագահ Փութինի ու անոր դաշնակիցներու միջոցով դրամներ լուալու ձգտումները, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ այն կ'օգտագործուի տեղական կազմակերպութիւններ եւ ընկերութիւններ հեղինազրկելու ուղղութեամբ:

Նշենք, որ անցնող մարտին Բրիտանիոյ մէջ ռուս լրտեսի սպանութեան դէպքէն ետք մեծ թիւով ռուս դիւանագէտներ դուրս դրուած էին Բրիտանիայէն, սակայն, յանձնաժողովին պնդմամբ, Փութին ու իր դաշնակիցները յաջողեցան շարունակել իրենց գործունէութիւնը, շարունակելով լուալ իրենց դրամները Լոնտոնի մէջ: