image
Հրատապ լուրեր:

Սատտամի ամենագեղեցիկ նաւերէն մէկը նոր պարտականութիւն ստանձնած է

Սատտամի ամենագեղեցիկ նաւերէն մէկը նոր պարտականութիւն ստանձնած է

Իրաքեան Պասրա քաղաքի նաւահանգիստին մէջ կանգ առած «Պասրայի զեփիւռը» անունը կրող նաւը օրերս նոր պարտականութիւն պիտի ստանձնէ:

«Arabic Post» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, 1981 թուականին կառուցուած շքեղ նաւը պատկանած է նախկին նախագահ Սատտամ Հուսէյնին:

Նաւը յետ այսու պիտի օգտագործուի պասրայի նաւահանգիստ հասնող եւ անկէ դուրս եկող նաւերն առաջնորդող պաշտօնեաներու հանգիստն ապահովելու համար:

Նաւը բաղկացած է նախագահական ննջարաններէ, ճաշասենեակներէ, ոսկեզօծ բաղնիքներէ, 17 հիւրասենեակէ, աշխատակազմին յատկացուած 18 սենեակներէ:

Նշուած է, որ նաւը ծախու դրուած էր 30 միլիոն տոլար արժէքով, սակայն կառավարութիւնը ոչ մէկ յարմար գնորդ գտած է մինչ օրս: