image

Ըստ Հիւսէյնիի Ամերիկեան ուժեր կը պաշտպանեն «Տահէշ»ը

Ըստ Հիւսէյնիի Ամերիկեան ուժեր կը պաշտպանեն «Տահէշ»ը

Իրաքի մէջ պայքարող «Հըզպալլա»ի ջոկատներու պաշտօնական խօսնակ Ճաաֆար Ալ Հուսայնի «Ալ Մայատին» լրատուական ցանցին յայտնած է, թէ ամերիկեան ուժերը չեն դադրիր Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմանին գտնուող «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման օժանդակելէ, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ հետ համագործակցաբար խռովարարներ կ'ուղարկէ Իրաք, ընդդիմադիր ցուցարարներուն մէջ խառնուելով երկրի անվտանգութիւնը խաթարելու նպատակով:

Ալ Հուսէյնի շեշտած է, որ Իրաքի ճգնաժամի լուծման միակ գրաւականը ամերիկեան ուժերու հեռացումն է իրաքեան հողերէն: