image

Խամինիի հրամանով Իրան հիմնած է կորիզային նոր գործարան մը. Reuters

Խամինիի հրամանով Իրան հիմնած է կորիզային նոր գործարան մը. Reuters

Իրան իր նոր նախագիծով ասպարէզ կը կարդայ Ուաշինկթընի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներուն:

«Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան համաձայն, Իրանի միջուկային ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպար Սալիհի յայտնած է, թէ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան ղեկավար Խամինիի հրամանով օրերս պիտի մեկնարկէ նորաբաց միջուկային գործարանի աշխատանքը:

Գործարանը փոխարինող դեր պիտի կատարէ Միջուկային նախագիծին կրած վնասներուն, որուն պատճառ դարձաւ անցնող մայիս ամսուան ընթացքին ԱՄՆ-ի հրաժարիլը կնքուած համաձայնագիրէն: