Իսլամական աշխարհի աւելի քան երկու միլիոն ուխտաւորներ ընդունիլ պատրաստուող Սէուտական Արաբիոյ Մեքքա քաղաքին մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Մեքքայի մէջ փոթորիկի ու տեղատարափ անձրեւի հետեւանքով Քաապէն ծածկող կտաւը բացուած է:
Նշենք, որ թէ՛ սէուտական լրատուամիջոցները, թէ՛ ընկերային կայքերու տարբեր էջեր տեսանիւթեր տարածած են, ուր նկատելի են ուժգին քամին ու տեղատարափ անձրեւները Մեքքայի, Արաֆա լերան եւ Մինայի կացարանի տարածքին: