image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի մէջ ահաբեկչական յարձակում. Կան 8 զոհեր

Իրանի    մէջ   ահաբեկչական   յարձակում. Կան    8 զոհեր

Այս առաւօտ Իրանի մէջ գրանցուած է ահաբեկչական յարձակում: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ իրանեան «ԹԱՍՆԻՄ» լրատուական գործակալութիւնը։

Աղբիւրը կը նշէ, որ ահաբեկչական գրոհը տեղի ունեցած է իրանեան «Ալ Ահուազ» քաղաքին մէջ թիրախ ունենալով «Իրանի յեղափոխութեան պահակներ»ու զօրահանդէսը։

Գրոհին հետեւանքով եւ ըստ նախնական տուեալներու զոհուած է «Յեղափոխութեան պահակախումբ»ի  անդամներ:

 Յիշեցնենք, որ զօրահանդէսը կը կատարուէր ոգեկոչելու համար 38 տարի առաջ  սկիզբ առած Իրան-Իրաք  պատերազմի զոհերուն յիշատակը։