image

«Կարեւորը մեզի համար զէնքի վաճառքն է». Պոմպէօ

«Կարեւորը մեզի համար զէնքի վաճառքն է». Պոմպէօ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) պետքարտուղար Մայք Պոմպէիօ վերահաստատած է թէ ԱՄՆ-ն պիտի շարունակէ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել Սէուտական Արաբիոյ, որ կը գնահատուի 2 միլիառ ամերիկեան տոլարի շուրջ: Այս մասին կը հաաղորդէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Սէուտակա Արաբիոյ այս յատկացումը պիտի ըլլայ, հակառակ այն իրողութեան թէ, ԱՄՆ-ի միջազգային զարգացման գործակալութիւնը կրկին անգամ իր մտահոգութիւնը յայտնած է Սէուտական Արաբիոյ, Եմէնի մէջ ձերնարկած անմարդկային արարքներու եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումի մանին:

Ամերիկեան «The Wall Street Journal»-ը բացայատած է, թէ ԱՄՆ-ի պետքարտուղար Մայք Պոմպէօ ընդիմացած է ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններու փորձագէտներու յայտնած կարծիքին եւ «գաղտնի յուշագրով» մը կողմնակցութիւն ցուցաբերած է Սէուտական Արաբիոյ ռազմական աջակցութիւն հայթայթելու հարցի շուրջ:

Ըստ «The Wall Street Journal»-ի  Պոմպէօ այս քայլին դիմած է, հետեւելով Քոնկրէսի գործերու գծով խորհրդատուական մարմնի յայտնած խորհուրդին, թէ, «Ռազմական աջակցութեան դադարեցումը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ ռազմական յարաբերութիւններուն վրայ»: