image

Սուրիոյ բանակի սպաները պատրաստ են օգտագործելու S-300 համակարգերը

Սուրիոյ բանակի սպաները պատրաստ են օգտագործելու S-300 համակարգերը

Սուրիոյ բանակի բարձրաստիճան սպայ մը, երէկ հարցազրոյց մը տուած է ռուսական «Sputnik» ծառայութեան, նշելով, որ Սուրիոյ բանակի քատրերը եւ յատկապէս մասնագէտ սպաները պատրաստ են օգտագերծելու ռուսական S-300 համակարգերը:

Սպան նաեւ բացայայտած է, որ վերջին շրջանին սուրիական բանակի բարձրաստիճան քատրեր մարզումներ ստացած են ռուս մասնագէտներու կողմէ եւ յետայսու անոնք պատրաստ են նման ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող համակարգ մը գործածելու առումով:

Ան նաեւ նշած է, որ S-300 համակարգի շնորհիւ սուրիական բանակը պիտի կարողանայ ամբողջապէս ապահովել իր օդային տարածքները եւ յետայսու Իսրայէլի համար դժուար պիտի ըլլայ որեւէ մեծ եւ կարեւոր յառաջխաղացք մը գրանցել Սուրիա-Իսրայէլ հակամարտութեան ընդհանուր ծիրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ եւ անոր յայտնած, որ Ռուսաստան պիտի կատարէ աւելի վաղ եղած պայմանաւորուածութեան պայմանները, Սուրիա ուղարկելով S-300 տիպի արդիական համակարգեր: