image

«Դատարկ ստամոքսներու պայքար»ի հեղինակ Խըտըր Ատնան ազատ պիտի արձակուի

«Դատարկ ստամոքսներու պայքար»ի հեղինակ Խըտըր Ատնան ազատ պիտի արձակուի

Իսրայէլեան բանտերուն մէջ ընթացք առած «Դատարկ ստամոքսներու պայքար»ի հեղինակ Շէյխ Խըտըր Ատնան այսօր ազատ պիտի արձակուի։ Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Ժատիտ» կայանը, յղում կատարելով քաթարեան «Ալ Ճազիրա» արբանեակային ալիքին։

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, թէ իսրայէլեան բանտերուն մէջ մէկ տարի անցուցած Ատնան ազատ արձակուելէն ետք պիտի ուղղուի Ռամալլա։

Յիշեցնենք, որ ճիշդ տարի մը առաջ պաղեստինցի քաղբանտարկեալը հացադուլ յայտարարելով, ընթացք տուած էր «Դատարկ ստամոքսներու պայքար» շարժումին, որուն ընթացքին ալ անոր միացած էին պաղեստինցի հարիւրաւոր բանտարկեալներ, Իսրայէլի իշխանութիւններէն պահանջելով ստեղծել արդար  դատավարութեան յարմար պայմաններ։