image

Պատերազմէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Տարհան դարձեալ զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին

Պատերազմէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Տարհան դարձեալ զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին

Սուրիական Տարհա նահանգին մէջ երէկ բազմահազար քաղաքացիներ զօրակցական ցոյցի մը մասնակցած են, անոնք բարձրացուցած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նկարները եւ յայտարարած, որ զօրավիգ կը կանգնին իրենց նախագահին:

Նշենք, որ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբը կառավարութեան դէմ առաջին բողոքի հաւաքները տեղի ունեցած էին դարձեալ այս քաղաքին մէջ, երբ հազարաւոր տարհացիներ դէմ արտայայտուած էին Ասատին եւ պահանջած անոր հեռացումը:

Յիշեցնենք, որ երէկ կը զուգադիպէր Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի կողմէ առաջնորդուած «Հարաքէ Թասհիհիէ» («Սրբագրման օր») անունով առիթին, որու շնորհիւ նախագահ Ասատ կարեւոր բարեփոխումներ կատարած էր երկրի տարբեր ոլորտներուն մէջ: