image

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ լրագրող Նապիլ Սալէհ հակադարձած է երկրի խորհրդարանի ղեկավարի ելոյթին

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ լրագրող Նապիլ Սալէհ հակադարձած է երկրի խորհրդարանի  ղեկավարի ելոյթին

Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, յայտնի լրագրող Նապիլ Սալէհ իր դիմատետրի էջին ուշագրաւ գրառում մը կատարած է, յատկապէս վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ:

Սալէհ նշած է, որ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտէ Սապպաղի խօսքը անընդունելի է եւ ան կարծես կը խօսի միագոյն, միակուսակցական խորհրդարանի մը առջեւ, մինչդեռ Սուրիոյ խորհրդարանը կը բաղկանայ երկրի տարբեր հատուածները ներկայացնող ներկայացուցիչներէ:

Նապիլ Սալէհ նաեւ նշած է, որ քաղաքացիները իրաւունք ունին իրենց արտայայտած դժգոհութիւններուն առընթեր, յատկապէս մարդկային ամենատարրական պէտքերու երեւելի պակասին վերաբերեալ:

Սալէհ նաեւ յիշեցուցած է, որ 8 ժամ տեւած ժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցած են աւելի քան 89 երեսփոխաններ, որոնք բոլորն ալ խօսած են երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական տագնապներուն մասին:

Իր կարգին վարչապետ Իմատ Խամիս հակիրճ ելոյթ մը ունեցած է եւ ներողամտութիւն հայցած Սուրիոյ քաղաքացիներէն, երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:

Նապիլ Սալէհ նաեւ նշած է, որ հակառակ անոր, որ ինք երկար տարիներ ծառայած է Սւորիոյ տեղեկատուական դաշտին, իր խօսքերը չեն հրապարակուիր կառավարութեան մերձ եղող լրատուական գործակալութիւններու կողմէ, բա  մը որուն պատճառով ալ ան կը ստիպուի իր գրառւոմները կատարել դիմատետրի էժին վրայ: