image
Հրատապ լուրեր:

Այս պահուն Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադառնալու հարցին վերաբերեալ բանակցութիւններ չկան. Լիբանանի ԱԳՆ

Այս պահուն Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադառնալու հարցին վերաբերեալ բանակցութիւններ չկան. Լիբանանի ԱԳՆ

Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, երէկ, միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տուած է Արաբական լիկայի առաջին քարտուղար Ահմատ Ապու Ալ-Ղայզին հետ:

Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Պասիլ դրական համարած է Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած համաարաբական տնտեսական ֆորումը եւ նշած է, որ այս ժողովը մեծ կարեւորութիւն ունէր բոլոր արաբներուն համար:

Ան նաեւ կոչ ըրած է արաբական տէրութիւններուն եւ ամբողջ աշխարհին՝ զօրավիգ կանգնիլ սուրիացի փախստականներուն, նուազեցնելու համար անոնց տառապանքները:

Պասիլ նաեւ ըսած է, որ շատեր դրական արտայայտուեցան Սուրիոյ՝ Արաբական Լիկա վերադառնալու խնդրին շուրջ, շեշտելով սակայն, որ յատկապէս այս հանգրուանին, այդ օրակարգի վերաբերեալ որեւէ նորութիւն կամ բանակցութիւն տեղի չունենար:

Յիշեցնենք, որ Պէյրութի մէջ երէկ տեղի ունեցած միօրեայ արաբական գագաթնաժողովին մասնակցեցան միայն երկու տէրութիւններու ղեկավարներ եւ անոնք են՝ Մորիթանիոյ, ինչպէս նաեւ Քաթարի իշխանը:

Մինչ կը սպասուէր, որ քսանէ աւելի ներկայացուցիչներ ներկայանային այս ժողովոին, սակայն մետասաներորդ պահուն, առկայ կարգ մը դժուարութիւններու, ինչպէս նաեւ տարակարծութիւններու պատճառով արաբ ղեկավարները նախընտրեցին չներկայանալ այս ժողովին:

Ժողովին նաեւ ստեղծուեցաւ յատուկ սնտուկ մը, որուն հիմնական նպատակն է օժանդակութիւն տրամադրել սուրիացի գաղթականներուն: