image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Աունի Մոսկուա այցելութիւնը հաստատուած է

Նախագահ Աունի Մոսկուա այցելութիւնը հաստատուած է

Յառաջիկայ 25-26 մարտին, երկօրեայ այցելութեամբ մը Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն պիտի այցելէ Մոսկուա:

Աուն Մոսկուայի մէջ պիտի ընդունուի Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ եւ կողմերը պիտի քննարկեն տարածաշրջանը յուզող հարցեր:

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստան հետամուտ  է կարեւոր ճիգեր գործադրել՝ լուծելու համար Լիբանան հաստատուած սուրիացի փախստականներու հարցը:

Վերջերս մէկէ աւելի աղբիւրներ այդ մասին խօսելով, նշած են, որ հակառակ ռուսական կողմէ բազմակողմանի ճիգերուն, վերջին շրջանին այդ նախաձեռնութիւնը ձեւով մը սառեցուած է: Իրավիճակի դրդապատճառներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր:

Յիշեցնենք, որ այս առաջին այցելութիւնն է, որ Աուն պիտի կատարէ Մոսկուա եւ հանդիպի Վլատիմիր Փութինի հետ: