image

Երկրորդ անգամ ըլլալով Կոլանցի տիւրզի կրօնաւորը կալանքի տակ

Երկրորդ անգամ ըլլալով Կոլանցի տիւրզի կրօնաւորը կալանքի տակ

Արաբական լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Կոլանի տիւրզի համայնքի յայտնի կրօնաւոր Շայխ Ալի Մուհտի, երէկ, առանց հիմնաւորեալ դրդապատճառներու, առնուած է կալանքի տակ:

Աղբիւրները նաեւ կը նշեն, որ իր հակաիսրայէլեան կեցուածքներով յայտնի տիւրզի կրօնաւորը յաճախ ելոյթներ ունեցած է եւ կոչ ուղղած է Կոլանի տիւրզիներուն՝ չանդամագրուիլ եւ չծառայել իսրայէլեան բանակին մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ տիւրզի կրօնաւորը երկար ժամանակէ ի վեր հանդէս կու գայ Իսրայէլի կառավարութեան դէմ յստակ կեցուածքներով, Իսրայէլի պետութեան մօտեցումը եւ Կոլանը իր տիրապետութեան տակ առնելու փաստը համարելով ուղղակի բռնազաւթում: