image
Հրատապ լուրեր:

Ժամալ Խաշըքճի դարձեալ լուսարձակի տակ

Ժամալ Խաշըքճի դարձեալ լուսարձակի տակ

Սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի թղթածրարը դարձեալ լոյսի տակ երեւաց: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ CNN կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, երէկ, ելոյթ մը ունենալով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան գերատեսչութեան խորհուրդին դիմաց, նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ հետամուտ է ամէն գնով բացայայտելու Խաշըքճիի սպանութեան ծալքերը:

Փոմփէօ նաեւ ըսած է, որոնք ալ ըլլան եւ ինչքան կարեւոր ալ ըլլան Խաշըքճին սպանող անձնաւորութիւնները, անոնց դէմ պիտի հրապարակուին ծանր պատժամիջոցներ:

Յիշեցնենք, որ անցեալ հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ գործող Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան մուտք գործելէ ետք, ժամալ Խաշըքճի անհետացած էր: Աւելի ուշ պարզուած էր, որ ան սպանուած է անմարդկային պայմաններու տակ եւ մինչեւ այս պահը անոր սպանութեան ամբողջական ծալքերը դեռ չեն բացայայտուած: