image

Ինչ նախապայման դրած էին իսրայէլացիք Կոլանը Սուրիոյ վերադարձնելու համար. Եգիպտոսի նախկին նախագահը բացած է փակագծերը

Ինչ նախապայման դրած էին իսրայէլացիք Կոլանը Սուրիոյ վերադարձնելու համար. Եգիպտոսի նախկին նախագահը բացած է փակագծերը

Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հուսնի Մուպարաք կարեւոր մանրամասնութիւններ փոխանցած է այն մասին, թէ իսրայէլացիք ի՞նչ նախապայմաններ դրած էին սուրիական Կոլանը իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու համար: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Եգիպտոսի նախագահ Հուսնի Մուպարաք, որ պաշտօնավարութեան օրերուն հեռախօսային հարցազրոյց մը տուած է Ահմատ Ալ-Սայէտ անունով լրագրողին, անդրադարձած է Եգիպտոս-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ այդ օրերուն հրատապ հանդիսացող Կոլանի խնդրին:

Հուսնի Մուպարաք մասնաւորապէս նշած է, թէ իսրայէլացիք Կոլանը Սուրիոյ վերադարձնելու համար նախապայման դրած են, որ Թել Աւիւ իր դեսպանութիւնը ունենայ Դամասկոսի մէջ, որուն փոխարէն Սուրիա եւս իր դեսպանութիւնը բանայ Թեւ Աւիւի մէջ:

Մուպարաք նաեւ ըսած է, որ այս առաջարկը ինք փոխանցած է Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատին, ինչը կտրականապէս մերժուած է սուրիացի նախագահին կողմէ:

«Ալ-Ժատիտ» նաեւ կը նշէ, որ այս հարցազրոյցը յառաջիկայ օրերուն պիտի սփռուի Եգիպտոսի «Մասր Ալ-Հայաթ» կայանէն: