image
Հրատապ լուրեր:

«Ասատի ճակատագիրը քննարկման թեմայ չէ». Ռուսաստան վերանորոգեց Ասատի հանդէպ իր կեցուածքը

«Ասատի ճակատագիրը քննարկման թեմայ չէ». Ռուսաստան վերանորոգեց Ասատի հանդէպ իր կեցուածքը

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, երէկ, յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, նշեց, որ Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրը կամ անոր իշխանութեան վրայ մնալ-չմնալու հարցը արդէն իսկ քննարկման թեմայ չէ:

Զախարովա նաեւ նշեց, որ «Ասատ կարող նախագահ է եւ անոր ճակատագիրը անշուշտ կախեալ է իր ժողովուրդէն: Ի վերջոյ Սուրիոյ ժողովուրդն է, որ պիտի որոշէ, թէ Պաշշար Ասատ իշխանութեան վրայ պիտի մնայ, թէ ոչ»:

Նշենք, որ Սուրիոյ պատերազմի անցեալ փուլերուն, մէկէ աւելի երկիրներ, որոնք կը փորձէին միջամուխ ըլլալ Սուրիոյ ներքին հարցերուն, երկրի տագնապի լուծման համար բանակցութիւններու առընթեր նախապայման դրած էին Ասատի իր պաշտօնէն հեռացումը, սակայն այսօր այդ իրավիճակը արդէն իսկ կը պատկանի անցեալին: