image

Լիպիա. Հաֆթարի ուժերը դէպի մայրաքաղաք Թրիփոլի՞

Լիպիա. Հաֆթարի ուժերը դէպի մայրաքաղաք Թրիփոլի՞

Լիպիոյ բանակի հրամանատարի բանբեր Ահմատ Ալ-Մսմարի կարեւոր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ: Մսմարի նկատել տուաւ, որ Լիպիոյ ազգային բանակը սկսած է Թրիփոլին ահաբեկիչներէ ազատագրելու յատուկ գործողութիւն մը:

Ան նաեւ նշած է, որ Լիպիոյ բանակի ընդհանուր հրամանատար Խալիֆա Հաֆթար մօտէն կը հետեւի զարգացումներուն եւ նաեւ մշակուած է յատուկ ծրագիր մը, պահպանելու համար Թրիփոլիի քաղաքացիներուն ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն, ահաբեկիչներ կարողացած էին իրենց տիրապետութեան տակ առնել մայրաքաղաք Թրիփոլիի կարեւոր կէտերը եւ այս պահուն թէժ մարտեր տեղի կ'ունենան մէկ կողմէ ահաբեկիչ զինեալներու եւ միւս կողմէ Լիպիոյ ազգային բանակի ջոկատներուն միջեւ: