image

Ամերիկեան Քոնկրէսի մեծամասնութիւնը դէմ է Արաբական դաշինքին

Ամերիկեան Քոնկրէսի մեծամասնութիւնը դէմ է Արաբական դաշինքին

Ամերիկեան Քոնկրէսին մէջ, երէկ, տեղի ունեցած քննարկումներուն արդիւնքով, քոնկրէսականներու մեծամասնութիւնը իր քուէն տուաւ օրինագիծի մը, որուն հիմամբ Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրեցնէ իր զինուորական նեցուկը՝ Եէմէնի պատերազմի մասնակից Արաբական դաշնակից ուժերուն: Այս մասին յայտարարութիւնը ամերիկեան աղբիւրներու յղելով, ներկայացուց «Ալ-ժատիտ» կայանը:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ չի բացառուիր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբ դէմ ըլլայ այս որոշումին եւ օգտագործէ իր Վէթոյի իրաւունքը:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջի իր հինգերորդ տարին բոլորեց Եէմէնի տագնապը, որուն մէջ կարեւոր դեր կը փորձէր խաղալ Սէուտական Արաբիա, որ նաեւ գլխաւոր երկիրն է, որուն ճիգերով կազմուեցաւ շիիթ հուսիները ճզմելու Արաբական դաշինքը: