image

Փութին-Էրտողան հանդիպումը վաղը՝ 8 ապրիլին

Փութին-Էրտողան հանդիպումը վաղը՝  8 ապրիլին

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը 8 ապրիլին պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ, ռուս-թրքական գործարար շրջանակէն ներս, լրագրողներուն տեղեկացուցած է ՌԴ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

«Քրեմլինի Ալեքսանտրովեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Փութինի եւ Էրտողանի համատեղ հանդիպումը ռուս-թրքական գործարար շրջանակի ներկայացուցիչներու հետ»,- ըսած է ան:

Բանակցութիւններէն ետք նախագահները պիտի ուղեւորուին Մեծ թատրոն, ուր, ինչպէս յայտնած է Ուշաքովը, տեղի պիտի ունենայ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան խաչաձեւ տարիներու բացման արարողութիւնը։ «Այդ արարողութեան նախագահները հանդէս պիտի գան ողջոյնի խօսքով»,- ըսած է Ուշաքովը։