image

Լիպիա. Խալիֆա Հաֆթարի ուժերը կը շարունակեն իրենց արշաւը դէպի մայրաքաղաք Թրիփոլի

Լիպիա. Խալիֆա Հաֆթարի ուժերը կը շարունակեն իրենց արշաւը դէպի մայրաքաղաք Թրիփոլի

Լիպիայի մայրաքաղաքի մօտակայքը իշխանամէտ ուժերու եւ Լիպիոյ ազգային բանակի միջեւ մարտական գործողութիւնները բռնկած են նոր ուժով, կը հաղորդէ BBC-ն:

Խաֆթարի զօրքերը յարձակում գործած են քաղաքի վրայ երեք ուղղութիւններով. մարտեր կ'ընթանան մայրաքաղաքէն արեւելք՝ Թաճուրա շրջանին մէջ, արեւմուտքը գտնուող Ճանզուր շրջանին մէջ եւ հարաւը՝ Պըն-Հաշիր շրջանին մէջ, ուր տեղակայուած է Թրիփոլի օդակայանը:

Այդ օդակայանը գործող չէ, այդ իսկ պատճառով ռազմավարական կարեւորութիւն չի ներկայացներ. ներկայիս բոլոր օդային թռիչքները կ'իրականացուին «Միթիկա» օդակայանէն, որ տեղակայուած է քաղաքի արուարձանին մէջ՝ կեդրոնէն շուրջ 10 քմ դէպի արեւելք, եւ այդտեղ ուղղուած է Խաֆթարի խմբաւորման աջ թեւի հարուածը:

Միւս կարեւոր կէտերը որոնք Խաֆթարը կը ձգտի գրաւել՝ ազգային բանկն է եւ պետական հեռուստակեդրոնը:

Որոշ ականատեսներու հաղորդմամբ՝ Լիպիոյ ազգային բանակի զինուորները նկատուած են քաղաքի կեդրոնէն շուրջ 15 քմ հեռաւորութեան վրայ:

Վարչապետ Ֆաիզ Սարաճ իր հեռուստաուղերձին մէջ մեղադրած է զօրավար Խաֆթարը դաւաճանութեան եւ պետական յեղաշրջում կազմակերպելու մէջ:

Ան յայտարարած է, որ իր կառավարութիւնը «ձեռք մեկնած է՝ ի նպաստ խաղաղութեան», սակայն այժմ Խաֆթարը պիտի բախուի միայն «ուժի եւ հաստատակամութեան հետ»: