image

Ամերիկա պիտի յայտնուի ճահիճի մէջ, եթէ... Զարիֆի ցնցիչ «թուիթ»ը

Ամերիկա պիտի յայտնուի ճահիճի մէջ, եթէ... Զարիֆի ցնցիչ «թուիթ»ը

Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆ, երէկ «թուիթըր»եան գրառում մը կատարելով, ծանր յարձակում գործած է Միացեալ Նահանգներու վրայ:

Ժաուատ Զարիֆ անդրադառնալով յատկապէս այն օրինագիծին, որ օրերս կը պատրաստուի եւ կրնայ ներկայացուիլ Քոնկրէսին կողմէ, եւ որուն հիմամբ Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ը պիտի համարուին ահաբեկչական կազմակերպութիւն, նշած է, որ այս կարգադրութիւնը կրնայ Միացեալ Նահանգները ճահիճի մէջ դնել:

Զարիֆ նաեւ քննադատած է բոլոր այն անձնաւորութիւնները, որոնք մօտիկ կը համարուին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբին եւ ան անոնց խորհուրդներով է, որ իր արշաւը կը սաստկացնէ Իրանէ դէմ: Զարիֆ մասնաւորապէս նշած է անունները իսրայէլցի միլիառատէր Շիլտոն Ատըլսընի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար Ճոն Պոլթընի, նշելով, որ անոնք ամէն ինչ կ'ընեն, որպէսզի շրջանին մէջ պատերազմ ծագի:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ԱՄՆ ղեկավարութեան մօտիկ կանգնած աղբիւրներ նշած էին, որ ԱՄՆ կը պատրաստուի Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ու անունը աւելցնել միջազգային ահաբեկչութեան ցուցակին մէջ: