image
Հրատապ լուրեր:

Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը պատիւ է Իրանի համար. Սուրիոյ ԱԳՆ

Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը պատիւ է Իրանի համար. Սուրիոյ ԱԳՆ

Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի «Յեղափոխական պահակներ»ու զօրագունդի դէմ կատարուած յայտարարութիւններէն ետք, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստաոճ յայտարարութիւններ կատարեց:

Նախարարութեան բանբերը նշեց, որ տեղի ունեցածը բացայայտ խախտում է եւ միջամտութիւն՝ Իրանի ներքին գործերուն, ինչպէս նաեւ այդ երկրի գերիշխանութեանն ուղղուած հարուած է:

Սուրիոյ ԱԳՆ-ն նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ իր այս քայլով ցոյց կու տայ, որ Իրան ազդեցիկ եւ ուժեղ երկիր մըն է եւ այդ պատիժը պէտք է համարել պատուոյ շքանշան իրանցիներու կուրծքին դրուած:

Յիշեցնենք, որ Միջին Արեւելքի մէջ իրավիճակը աւելի բարդացնելու գծով, երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբ օրինագիծ մը հրապարակեց, որուն հիմամբ Իրանի «Յեղափոխութեան պահապախումբ»ը կը համարուի ահաբեկչական խմբաւորում: