image
Հրատապ լուրեր:

Սէյիտ Հասան Նասրալլա. Եթէ ուզէինք կրնայինք միջամուխ ըլլալ Իսրայէլի ընտրութիւններուն

Սէյիտ Հասան Նասրալլա. Եթէ ուզէինք կրնայինք միջամուխ ըլլալ Իսրայէլի ընտրութիւններուն

«Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սայիտ Հասան Նասրալլա, որ երէկ պատկերասփռուած ելոյթ մը ունեցաւ, նշեց, որ «Հըզպալլա» կարող էր միջամուխ ըլլալ Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին:

Նասրալլա նաեւ նշեց, որ իրենք որոշած են այդ առումով որեւէ քայլ չկատարել, խնդիրը համարելով մերկ իսրայէլեան ներքին խնդիր:

Նասրալլա նաեւ նշեց, որ իրենց համար Նաթանիահուն կամ որեւէ այլ թեկնածու նոյն մօտեցումները ունին, ու շատ հաւանական է, որ անոնք շարունակեն իրենց սիոնական քաղաքականութիւնը:

Նասրալլա նաեւ նշեց, որ Նաթանիահուի ընտրուելէն եւ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք նոր փուլ մը կրնայ սկսիլ մէկ կողմէ նախագահ Թրամբի եւ միւս կողմէ Նաթանիահուի միջեւ, նշելով նաեւ, որ այս առումով Լիբանան նոյնպէս կանգնած է ճակատագրական օրերու առջեւ եւ յառաջիկայ հանգրուանին աւելի յստակ պիտի դառնայ ընդհանուր պատկերը:

Նասրալլա նաեւ կոչ ուղղեց ներքին ճակատին ամրապնդուած մնալ եւ բարձր պահել՝ ժողովուրդ, դիմադրութիւն եւ բանակ սկզբունքները: