image

Աւարտեցան Թրիփոլիի նախնական մասնակի ընտրութիւնները. Նախնական արդիւնքներով Տիմա Ժամալի յաղթանակած

Աւարտեցան Թրիփոլիի նախնական մասնակի ընտրութիւնները. Նախնական արդիւնքներով Տիմա Ժամալի յաղթանակած

Աւարտեցան լիբանանեան Թրիփոլի քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցած մասնակի ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքով «Ալ-Մուսթաքպալ» պլոքի թեկնածու Տիմա Ժամալի բացայայտ յաղթանակ գրանցեց: Այս մասին երէկ յայտարարութիւն կատարեց Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Ռայիա Ալ-Հասան, նշելով, որ ընտրողներուն թիւը հասած է 12,55 առ հարիւրի, եւ Տիմա Ժամալի ստացած է 19 387 քուէ:

Մինչ ներքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր այս արդիւնքներուն մասին, լրատուական աղբիւրներ նշեցին, որ բացայայտ էր, որ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ժողովուրդը ձեւով մը չէ ուզած մասնակցիլ եւ այդ մէկը կապ ունի առհասարակ քաղաքի մէջ տիրող տնտեսական, ընկերային, կենցաղային եւ տարբեր առումներով ծանր իրավիճակին հետ: