image
Հրատապ լուրեր:

Կոչ կ'ուղղենք ազատ արձակելու մեր աշխատակիցները. Միջազգային Կարմիր խաչի յայտարարութիւնը

Կոչ կ'ուղղենք ազատ արձակելու մեր աշխատակիցները. Միջազգային Կարմիր խաչի յայտարարութիւնը

Միջազգային Կարմիր Խաչ կազմակերպութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, պահանջած է արագօրէն ազատ արձակել իր երեք աշխատակիցները, որոնք առեւանգուած էին 2013 թուականին:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ իրենց ունեցած վերջին տուեալներով, աշխատակիցները, որոնցմէ երկուքը շուէտացի են, իսկ մէկը Նորզելանտացի, ողջ առողջ են եւ չեն սպանուած:

Կը յիշեցուի նաեւ, որ Կարմիր խաչի աշխատակիցները առեւանգուած էին 2013-ին, երբ դէպի Իտլիպ մարդասիրական օժանդակութեան մը շարասիւնը կը գլխաւորէին ու ահաբեկիչ զինեաելներ կանգնեցուցած էին շարասիւնը ու առեւանգած երեք աշխատակիցները:

Ըստ նախնական տուեալներու, անոնք առեւանգուած են «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման ձեռամբ: