image

Ժոմպլաթ- «Հըզպալլա» հանդիպումը ջնջուած է. Պատճա՞ռը

Ժոմպլաթ- «Հըզպալլա» հանդիպումը ջնջուած է. Պատճա՞ռը

Լիբանանի յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի՝ «Հըզպալլա»ի ապահովական, քաղաքական գլխաւոր ներկայացուցիչներուն հետ նախատեսուած հանդիպումը ջնջուած է: Այս մասին Ժոմպլաթ խօսած է «Ալ-Ժումհուրիա» պարբերականին:

Ան նաեւ նշած է, որ անցնող օրերուն կը պատրաստուէր «Հարէթ Հըրայք» այցելել եւ հանդիպում ունենալ «Հըզպալլա»ի քաղաքական ներկայացուցիչ Հըսայն Խալիլին հետ, սակայն վերջին վայրկեանին տեղեկացած է, որ այդ հանդիպումը ջնջուած է:

Ժոմպլաթ նաեւ ըսած է, որ հանդիպման ջնջուիլը կապ չունի միայն վերջին շրջանին նախարար Ապու Ֆահուրի կողմէ առնուած կարգադրութիւններուն հետ, որուն հիմքով Ֆաթթուշ ընտանիքին թրծաշաղախի (սիմենթ) գործարան կառուցելու արտօնութիւնը ջնջուած էր, այլ ունի քաղաքական խորք եւ անշուշտ կապ ունի իր ունեցած կեցուածքներուն հետ:

Ժոմպլաթ նաեւ կարեւորած է երկխօսութիւն կատարելու իր ընտրանքը, նշելով, որ Լիբանանի մէջ բոլոր խնդիրները կարելի է լուծել միայն երկխօսութեան ճանապարհով:

Յիշեցնենք, որ «Հըզպալլա»-Ժոմպլաթ յարաբերութիւններու պատմութիւնը երկար ընաթցք մը ունի եւ լեցուն՝ մեծ վերիվայրումներով, սակայն բացայայտ է, որ վերջին հանգրուանին Ժոմպլաթ ծայրայեղ կեցուածքներով հանդէս կու գայ Սուիրոյ, ինչպէս նաեւ «Հըզպալլա»ի Սուրիոյ մէջ պատերազմելու ընտրանքներուն դէմ: