image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Ասատ քննադատեց Միացեալ Նահանգները

Նախագահ Ասատ քննադատեց Միացեալ Նահանգները

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հերթական անգամ քննադատութիւններ ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Ասատ հանդիպում մը ունեցած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆի հետ, որմէ ետք յայտարարութիւններով հանդէս եկած է:

Ասատ մասնաւորապէս ըսած է, որ Իրանի հանդէպ առկայ պատժամիջոցները, ինչպէս նաեւ Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ը ահաբեկչական մարմին բնորոշելու Միացեալ Նահանգներու որոշումը սխալ քաղաքականութեան արդիւնք է եւ ան շարունակութիւնն է Միացեալ Նահանգներու սխալ մօտեցումներուն:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ, Միացեալ Նահանգներ որպէս ահաբեկչական խմբաւորում ճանչցաւ Իրանի «Յեղափոխական պահակներ» զօրամիաւորումը: