image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիա. Վառելանիւթի տագնապի հետեւանքով սուրիացի քաղաքացիներ կ'օգտագործեն նախնադարեան միջոցներ

Սուրիա. Վառելանիւթի տագնապի հետեւանքով սուրիացի քաղաքացիներ կ'օգտագործեն նախնադարեան միջոցներ

Սուրիացի քաղաքացիներ, երէկ, համացանցի ճամբով, կարճ տեսանիւթեր տեղադրած են, ուր երեւելի կը դառնայ, թէ անոնք կ'օգտագործեն նախնադարեան միջոցներ, դիմակայելու համար երկրին մէջ ծանր իրավիճակ ստեղծած վառելանիւթի տագնապը:

Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցող «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայքը, որ նաեւ լուսանկարներ տեղադրած է, կը պարզաբանէ, որ սուրիացիներ, պենզինի բացակայութեան պայմաններուն,  ստիպուած եղած են օգտագործել արաբական նժոյգներ, որպէսզի կարողանան ապահովել իրենց տեղափոխութիւնը քաղաքի թաղամասերուն մէջ:

Յիշեցնենք, որ երէկ մէկէ աւելի աղբիւրներ կը յայտարարէին այն մասին, որ յատկապէս Սուրիոյ մեծ քաղաքներուն՝ Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ, կեանքը մտած է անդամալուծման փուլ մը եւ, նոյնիսկ երկար հերթեր սպասելով, քաղաքացիներ չեն կարողանար իրենց չափաբաժին վառելանիւթը ստանալ: