image

Սրի Լանքայի սպանդ. Յայտնի է ահաբեկչական խմբաւորման անունը

Սրի Լանքայի սպանդ. Յայտնի է ահաբեկչական խմբաւորման անունը

Սրի Լանքայի իշխանութիւնները պարզած են, թէ որ խմբաւորման կողմէ իրականացուած են 21 ապրիլին՝ Սուրբ Յարութեան օրը, երկրի եկեղեցիներուն եւ շքեղ հիւրանոցներուն մէջ որոտացած 8 պայթումները, որոնք մինչ այժմ 300-է աւելի մարդու կեանք խլած են:

Ինչպէս կը գրէ New York Times-ը, ահաբեկչութեան մէջ կը մեղադրուի իսլամիստ ծայրայեղականներու «Ճամահէթ Ալ-Թաուհիտ Ալ-Ուաթանի» («Ազգային Միաւորման խմբաւորում») խմբաւորումը, որ շատ յայտնի չէ եւ մինչ այդ լուրջ յարձակումներ չէ իրականացուցած:

Իշխանութիւններու խօսքով՝ խմբաւորումը աջակցութիւն ստացած է միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներէ:

Սրի Լանքայի նախագահ Մայթրիփալա Սիրիսենան կարգադրած է ստեղծել յատուկ յանձնաժողով, որ կը զբաղուի ահաբեկչութիւններու հետաքննութեամբ: