image

Լիբանանի պիւտճէի քննարկումը կ'անցնի համատարած գործադուլներու մթնոլորտի մէջ

Լիբանանի պիւտճէի քննարկումը կ'անցնի համատարած գործադուլներու մթնոլորտի մէջ

Լիբանանի կառավարութեան  2019 թուականի պիւտճէի քննարկումները կ'անցնին երկիրը հարուածող գործադուլներու բոհին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս առաւօտ Լիբանանի բջիջային հեռախօսակապի երկու հիմնական ընկերութիւններու պաշտօնեաները յայտարարութիւններ կատարած են, որ կը պատրաստուին իրենք եւս մասնակցիլ երկրին մէջ ընթացող գործադուլներուն:

Նշենք, որ աւելի վաղ երկրի հանրային ոլորտի ծառայութեան տարբեր պաշտօնեաներ նոյնպէս գործադուլի դիմելով իրենց բողոքը յայտնած էին կառավարութեան կողմէ իրենց ամսավճարներուն վրայ կիրառուելիք պահումներուն առընթեր:

Կը նշուի նաեւ, որ կառավարութիւնը այդ քայլերուն կը դիմէ մասնաւորապէս հաւասարակշռելու համար երկրի պիւտճէն եւ՝ առկայ նիւթական բացերը համալրելու:

Յիշեցնենք, որ մէկէ աւելի աղբիւրներ կը խօսին, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութիւնը պարտաւոր է այդ բարեկարգումները եւ կրճատումները կատարել, գոհացնելու համար եւրոպական շրջանակները, որոնք կը պատրաստուին մեծ պայմանաւորեալ դրամաշնորհ մը յատկացնել Լիբանանին: