image
Հրատապ լուրեր:

Յետ այսու Green Card-ի խաղարկումը չեղեալ պիտի համարուի. Որոշումը տուած է Թրամբը

Յետ այսու Green Card-ի խաղարկումը չեղեալ պիտի համարուի. Որոշումը տուած է Թրամբը

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը ներկայացուցած է իր վարչակազմի կողմէ մշակուած գաղթի բարեփոխումներու նոր ծրագիրը, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը: Նախագահը կը ձգտի համոզել հանրութեան ու օրէնսդիրներուն, որ ամերիկեան ներգաղթային համակարգին արմատական փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են: Բարեփոխումները մշակողները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցուցած են սահմաններու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ վերաիմաստաւորած «Կրին քարտ»երու տրամադրման մօտեցումին:

Ծրագրի հեղինակները՝ ԱՄՆ նախագահի փեսայ, աւագ խորհրդական Ճարետ Քուշնէրի ղեկավարութեամբ, կ'առաջարկեն փոփոխել անոնց տրամադրման կանոնները՝ յօգուտ կրթուած եւ բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներու, եւ հրաժարիլ ԱՄՆ քաղաքացիներու հարազատներուն «Կրին քարտ»երու տրամադրման սկզբունքէն:

 Սպիտակ տունը այդ ծրագիրը կեանքի կոչելու համար պէտք է այն ներկայացնէ Քոնկրէսին: Սակայն քիչ հաւանական է, որ վարչակազմը համաձայնութեան հասնի ժողովրդավարներուն հետ, կը գրէ Associated Press-ը:

Վարչակազմի ներկայացուցիչները յայտնած են, որ Թրամբի ծրագիրը կ'ենթադրէ բալերու սահմանում, որու գաղափարը փոխառուած է Գանատայէն, Ճափոնէն, Աւստրալիայէն եւ Նոր Զելանտիայէն: Նոր ներգաղթեալներուն ԱՄՆ իշխանութիւններու կողմէ տրամադրուող «Կրին քարտ»երու քանակը կը մնայ նոյնը, սակայն զգալիօրէն կը մեծանան առիթը մասնագէտներու համար:

Հաշուի կ'առնուին նաեւ թեկնածուներու տարիքը, անգլերէնի իմացութիւնն ու ԱՄՆ-ի մէջ աշխատանքի առաջարկներու առկայութիւնը:

Աւելի քիչ  «Կրին քարտեր» կը րտամադրուին ԱՄՆ քաղաքացիներու հարազատներուն: Բացի այդ, չեղեալ կը յայտարարուի «Կրին քարտ» վիճակախաղը, որ այժմ թոյլ կու տայ օտարերկրացիներուն մշտական բնակութեան թոյլտւութիւն ստանալ՝ անկախ որակաւորումէն, կրթութենէն եւ լեզուի իմացութենէն:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ ԱՄՆ-ի մէջ աշխատանքի առաջարկներու առկայութեան կամ մասնագիտական ունակութիւններու հիման վրայ վիզաներ պիտի կազմուին 57%-ով, այն պարագային, երբ հարազատներու համար վիզաները պիտի ըլլան 33% (այժմ այդ ցուցանիշը կը հանսնի 66%-ի):

Վիզաներու քանակը 22%-էն պիտի կրճատուի՝ հասնելով 10%-ի:  

Վարչակազմը կ'ակնկալէ նաեւ յատուկ հիմնադրամ ստեղծել սահմաններու անվտանգութեան պաշտպանութեան համար: 

Սպիտակ տան ներկայացուցիչներու խօսքով՝ ծրագրի յաւելեալ մանրամասները յայտնի պիտի ըլլան մօտակայ մի քանի շաբաթուան ընթացքին: