image

Եւրոպայի ընտրութիւններ. Մէրքէլի կուսակցութիւնը յաղթական

Եւրոպայի  ընտրութիւններ. Մէրքէլի  կուսակցութիւնը յաղթական

Գերմանիոյ մէջ իշխող Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւնը կը յաղթէ երկրին մէջ իրականացուող Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն:

Ինչպէս կը յայտնէ DW-ն, իշխող միութեան հիմնական մրցակից սոցիալ-դեմոկրատները երրորդ տեղը կը գրաւեն ընտրութիւններու արդիւնքներով, իսկ երկրորդ տեղն են՝ «Կանաչներ»ը: 

Նախնական կանխատեսումներով՝ Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւնը պաւարական Քրիստոնեայ-սոցիալական միութեան իրենց կողմնակիցներուն հետ միասին պիտի ստանան 28 տոկոս ձայն, «Կանաչներ»ը՝ 22 տոկոս, իսկ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը՝ 15.5 տոկոս:

«Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութիւնը պիտի ստանայ ձայներու 10 տոկոսը, «ձախականներ»ն ու Ազատ դեմոկրատական լիպերալ կուսակցութիւնը՝ 5,5-ական տոկոս: