image

Իսրայէլը հարուածած է Սուրիան. Կան տուժածներ

Իսրայէլը հարուածած է Սուրիան. Կան տուժածներ

 

Սուրիոյ հարաւային Ալ-Քունայթիրա նահանգի Թալ-Շաար քաղաքի մօտակայքը հրթիռային հարուածի հետեւանքով ռազմական մեքենայ ոչնչացուած է, այս մասին յայտնած է SANA լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ օդային հարուածները եղած են Իսրայէլի տարածքէն: Հրթիռային յարձակման հետեւանքով կան տուժածներ, որոնց վիճակի մասին մանրամասներ չի հաղորդուիր:

Նշուած է նաեւ, որ իսրայէլցի զինուորականները արդէն հաստատած են Սուրիոյ ուղղութեամբ օդային հարուածներ հասցնելու հանգամանքը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Սուրիոյ ուղղութեամբ օդային հարուածները եղած են ի պատասխան սուրիական կողմի հրթռային յարձակման, որ իրականացուած է Իսրայէլի հիւսիսը թռիչք կատարող կործանիչի ուղղութեամբ:

Իսրայէլեան բանակի տուեալներով՝ հրթիռը չէ հասած օդանաւին եւ ինկած է Սուրիոյ տարածքին: