image

Մէքքայի մէջ կարեւոր ժողովներ. Քաթար կը մասնակցի վարչապետի մակարդակով

Մէքքայի մէջ կարեւոր ժողովներ. Քաթար կը մասնակցի վարչապետի մակարդակով

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ Ճէտտա քաղաքին մէջ ընթացք առաւ բարձրաստիճան գագաթաժողով մը, որուն իրենց մասնկացութիւնը պիտի բերեն Արաբական ծոցի երկիրներուն  մեծամասնութիւնը։

Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ շրջանի ապահովական խնդիրներուն յատկացուած գագաթաժողովին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Քաթար եւ այն պիտի ներկայացուի վարչապետի մակարդակով։

Յիշեցնենք, որ շուրջ տարի մը առաջ Քաթարի եւ Արաբական ծոցի միւս երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւն ծագած էր, որուն հետեւանքով ալ Ռիատ  եւ անոր «մտերիմ» համարուած գործընկերները «ամպարկօ» մը սկսած էին Քաթարի դէմ։

Տարակարծութիւններուն հիմնականը Իրանի թեման էր, չնայած անոր, որ Ռիատ, որպէս սիւննի երկիր կը փորձէ առաջնորդ տէրութեան դերով հանդէս  գալ, բան մը որ Քաթարի համար կը համարուի անընդունելի մօտեցում մը։