image

«Դուք դուրս եկէք...» Պոլթընի խորհուրդը բրիտանացիներուն

«Դուք  դուրս  եկէք...» Պոլթընի խորհուրդը բրիտանացիներուն

Միացեալ Նահանգները կողմ է Մեծ Բրիտանիոյ՝ Եւրոմիութեան կազմէն դուրս գալուն, քանի որ այդպէս կը պահանջէ ժողովուրդը: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Ճոն Պոլթընը:

«ԱՄՆ-ն կը նախընտրէ, որ Մեծ Բրիտանիան հետեւի ժողովուրդի պահանջին, եւ հեռանայ ԵՄ-էն: Սա ժողովրդավարութեան յաղթանակի դաս է իւրաքանչիւրի համար», - ըսած է Պոլթընը՝ ընդգծելով, որ Brexit-ը օգտակար պիտի ըլլայ ՆԱԹՕ-ի համար:

Մեծ Բրիտանիան ԵՄ կազմէն պէտք է դուրս գար 29 մարտին, սակայն Միացեալ Թագաւորութեան պատգամաւորները հաւանութեան չեն արժանացուցած վարչապետ Թերեզա Մեյի առաջարկած համաձայնագիրը: Այժմ ԵՄ-ն համաձայնած է յետաձգել Brexit-ը մինչեւ 31 հոկտեմբեր: