image

«Կը բանակցին յարգանքով» Ռոհանի ուշագրաւ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ

«Կը բանակցին յարգանքով» Ռոհանի ուշագրաւ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին յայտարարած է, որ Իրանը, հնարաւոր է, ցանկութիւն յայտնէ բանակցելու ԱՄՆ-ի հետ, եթէ Միացեալ Նահանգները ճնշում չգործադրէ Թեհրանի վրայ եւ յարգանք ցուցաբերէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Reuters-ը:

«Մենք տրամաբանութեան եւ բանակցութիւններու կողմնակից ենք, եթէ միւս կողմը բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստի յարգանքով եւ հետեւի միջազգային չափանիշերուն, ոչ թէ բանակցութիւններ վարելու հրաման տայ»,- յայտարարած է Ռոհանին:

Աւելի վաղ Ռոհանին չէր բացառած, որ Ուաշինկթընի կողմէ պատժամիջոցներու չեղարկման պարագային Միացեալ Նահանգներու հետ հնարաւոր է բանակցութիւններ սկսին:

Օրերս Թրամբը Ճափոնի մէջ ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ անդրադարձած էր Իրանի հետ բաւական բարդ յարաբերութիւններուն՝ նշելով, որ ամերիկեան կողմը չի ձգտիր Իրանի մէջ իշխող ռեժիմի փոփոխութեան հասնիլ՝ հակառակ, որ Թեհրանի եւ Ուաշնկթընի միջեւ փոխյարաբերութիւնները խիստ լարուած են: