image

Բրակայի մէջ մեծ ցոյցեր.Պատճա՞ռը

Բրակայի  մէջ  մեծ  ցոյցեր.Պատճա՞ռը

Չեխիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած է հերթական զանգուածային բողոքի ցոյցը՝ արդարադատութեան նախարար Մարիա Պենեշովայի, վարչապետ Անտրէյ Պապիշի հրաժարականի, ինչպէս նաեւ դատական համակարգի անկախութեան ապահովման պահանջով, կը հաղորդէ Корреспондент-ը:

Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ ցոյցին մասնակցած է մօտ 120 հազար մարդ, ինչը, ըստ փորձագէտներու, 1989 թուականէն ի վեր ամենազանգուածային բողոքի ցոյցն է Բրակայի մէջ: Ցոյցին հասարակական կարգը ապահոված են տասնեակ ոստիկաններ:

Նշենք, որ Բրակայի մէջ Մարիա Պենեշովայի հրաժարականի պահանջով ցոյցերը մեկնարկած են ապրիլի վերջերը: Պատճառը արդարադատութեան նախկին նախարար Եանա Քնեժինեքայի հրաժարականն էր եւ այդ պաշտօնին Մարիա Պենեշովայի նշանակումը:

Իսկ 6 մայիսին արդէն Չեխիոյ մէջ հազարաւոր մարդիկ դուրս եկած էին փողոցներ՝ պահանջելով նաեւ երկրի վարչապետ Անտրէյ Պապիշի եւ անոր կառավարութեան հրաժարականը: