image
Հրատապ լուրեր:

Սուտանը անդամալուծուած է. Կը սպասուին կարեւոր զարգացումներ

Սուտանը  անդամալուծուած է. Կը սպասուին կարեւոր զարգացումներ

Սուտանի մէջ ընդդիմութիւնը քաղաքացիական անհնազանդութեան արշաւ սկսած է ողջ երկրով մէկ: Ինչպէս կը հաղորդէ Correspondent-ը, նախօրէին «Սուտանի մասնագէտներու միութիւն» արհմիութեան անդամները, որոնք կը հանդիսանան ցոյցերու կազմակերպիչը, յայտարարած էին, որ ցոյցը կ'աւարտի միայն այն ժամանակ, երբ իշխանութեան կու գայ քաղաքացիական կառավարութիւնը:

«Հետեւողական անհնազանդութիւնը սարսափով պիտի լեցնէ անոնց սիրտերը եւ պիտի օգնէ մեզի յաղթելու», - յայտնած են «Սուտանի մասնագէտներու միութիւն» արհմիութեան կազմակերպիչները իրենց թուիթըրեան էջին:

Համընդհանուր գործադուլին մասնակցեէ ազատուած են միայն բժիշկները եւ հիւանդներու խնամք իրականացնող անձնակազմը:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Ափրիկեան միութիւնը դադրեցուցած էր Սուտանի անդամակցութիւնը երկրին մէջ տիրող զանգուածային ցոյցերու պատճառով:

Ապրիլին զինուորականները գահընկեց ըրին Սուտանի նախագահ Օմար ալ-Պաշիրը, որ երկիրը կը ղեկավարէր վերջին 30 տարուան ընթացքին: 15 Մայիսին ընդդիմութեան հետ որոշում կայացուած էր երեք տարիով անցումային ժամանակահատուած սահմանել, որուն ընթացքին պիտի գործէ ժամանակաւոր կառավարութիւնը: